«ՌԱԿ-ը իր բարոյական կապը մեկընդմիշտ խզում է ՀՌԱԿ-ի հետ». ՌԱԿ հայտարարությունը
Յայտարարութիւն Հիմնուելով վերջին օրերու կուսակցութեանս վերաբերող իրադարձութիւններուն վրայ, Նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կապը ՀՌԱԿ-ի հետ վերջինիս հիմնադրութեան (2012 թուականին) առաջին իսկ օրէն եղած է միայն բարոյական՝ որպէս մեր կուսակցութեան միեւնոյն սկզբունքները դաւանող Հայրենի կուսակցութիւն. Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Աւետիքեանի գլխաւորած ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս գալով սկսած է կուսակցութեանս տէրն ու տիրականը ըլլալ յաւակնիլ եւ որպէս այդպիսին ներկայանալ՝ հանրային կարծիքի շփոթ յառաջացնելով. Անդրադառնալով, որ ՀՌԱԿ շեղելով աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի 95 ամեայ պետականամէտ սկզբունքէն, սկսած է հակասել կուսակցութեանս ազգային ռազմավարութիւնը. ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. Ա. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր բարոյական կապը պաշտօնապէս եւ միանգամընդմիշտ կը խզէ ՀՌԱԿ-ի հետ: Բ. Հիմնուելով իր աւանդական իրաւունքին վրայ ՀՌԱԿ-ին կ'արգիլէ նոյնանման անունով հանդէս գալ: Գ. Հայրենի իշխանութիւններուն հայեցողութեան կը յանձնէ այս պարագան: Դ. Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անդամակցութեան քանի մը անօրինապահ անդամներուն կը զգուշացնէ ամէն յարաբերութիւն կասեցնել եւ չ՛առընչուիլ ՀՌԱԿ-ի հետ՝ խուսափելու համար կուսակցութեանս կանոնագրութեան սահմանած պատժամիջոցներէն: Ի Դիմաց՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան Ատենադպիր Ատենապետ